Mensaje del Presidente de la UGAB Central
Familias, estructuras económicas y naciones en todo el mundo enfrentan la pandemia de Covid-19. Como armenios, y como organización, esto nos pone, una vez más, ante la necesidad de recordar nuestra fortaleza. Somos la definición misma de resiliencia: ajustándonos a los desafíos que las realidades dictan y evolucionando junto con los cambios de la sociedad, incluso cuando esos cambios traen gran incertidumbre.
Así como hemos superado otros desafíos a lo largo de nuestra centenaria historia, el espíritu y la misión de la UGAB continuará fortaleciendo nuestro compromiso de actuar y comunicarnos en esta nueva realidad.
Siguiendo estrictamente las indicaciones de las organizaciones de la salud, nuestra red de UGAB en todo el mundo continúa avanzando con su trabajo de manera remota, apoyando a los miembros activos de nuestros diversos círculos, los cuales continúan sus tareas de manera activa y colaborativa en el desarrollo de diversos programas y servicios.
Tenemos todas las herramientas que necesitamos para mantenernos en contacto con ustedes, brindarles información, actividades y recursos.
En medio de esta incertidumbre una cosa está clara: La Unión Hace la Fuerza. Cara a cara, o a la distancia, estamos comprometidos a servir a nuestra comunidad global, con la firme creencia de que nos recuperaremos y rebrotaremos, juntos.
Hasta ese entonces, por favor manténganse sanos y salvos.
Cordialmente
Berge Setrakian
Presidente de la UGAB Central
———–
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մեր Աշխարհատարած Համայնքին,
ԳՈՎԻՏ-19 ժահրային համաճարակի համաշխարհային պատուհասը, որ աշխարհի տարածքին տագնապի մատնած է ընտանիքներ, ազգեր եւ տնտեսական կառոյցներ, անգամ մը եւս իբր Հայութիւն եւ իբր կազմակերպութիւն, մեր ուժերը լարելու եւ մեր տոկունութիւնը դրսեւորելու հրամայականին առջեւ կը դնէ մեզ:
Աննախադէպ մարտահրաւէրներ եւ զարգացող ընկերային վերիվայրումներ դիմագրաւելու եւ արագընթաց փոփոխութիւնները ընկալելով դէպքերուն հետ քայլ պահելու կարողութիւնը, մեր Միութեան կարեւորագոյն յատկանիշներէն մին եղած է միշտ:
Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան գիտակցութիւնը եւ անկոտրում ոգին, որ իր աւելի քան մէկ դարու պատմութեան ընթացքին դիմակալած է անյաղթահարելի թուացող բազմապիսի մարտահրաւէրներ, պիտի շարունակէ ամրապնդել մեր յանձնառութիւնը, մեզի պարտադրուող գործելու եւ հաղորդակցելու այս նոր իրականութեան մէջ:
Բծխնդրօրէն հետեւելով տեղական առողջապահական կառոյցներու ցուցմունքներուն, միաժամանակ, մեր պաշտօնէութեան աշխարհատարած ցանցը, հեռավար դրութեամբ, կը շարունակէ թափով յառաջ տանիլ իր աշխատանքները, աջակցելով մեր տարբեր շրջանակներու գործօն անդամներուն, որոնք, իւրաքանչիւրը իրենց տուեալ պայմաններուն մէջ, կը շարունակեն աշխոյժ եւ համագործակցական մասնակցութիւն բերել իրենց նախընտրած ծրագիրներու մշակումին եւ ծառայութիւններու տարբեր մարզերէն ներս:
Մեր տրամադրութեան տակ ունինք բոլոր անհրաժեշտ միջոցները, որոնցմով շարունակական կապի մէջ պիտի մնանք ձեր հետ, ձեզի փոխանցելու համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, գործունէութիւններու վերաբերեալ զեկոյցներ եւ համապատասխան ցուցմունքներ:
Անորոշութեան այս համատարած մթնոլորտին մէջ, մենք համոզուած ենք, որ Միութիւնը Զօրութիւն է: Այսօր թէեւ Հեռակայ դրութեամբ, բայց սերտօրէն կապուած բոլորիդ, մենք յանձնառու ենք համընդհանուր համայնքի ծառայութեան մեր կոչումին, հաստատ հաւատքով, որ բոլորս պիտի վերականգնինք այս աղէտէն եւ վերստեղծենք միասնաբար:
Մինչ այդ, մնացէք առողջ եւ ապահով:
Անկեղծօրէն,
Պէրճ Սեդրակեան
Նախագահ